2016-04-09 09:10:00

Ուքրանիոյ եպիսկոպոսապետ Շեվչուք-ի պատգամը` Ողորմութեան Ս. Տարւոյն առթիւ։


Կոչ ապաշխարանքի ու դարձի յաչս ընկերութեան բազմաթիւ չարիքներուն։

(Ռատիօ Վատիկան) Ուքրանիոյ բիւզանդական կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսապետը` գերերջանիկ Սդանիզլաւ Շեվչուք, Ողորմութեան Ս. Տարւոյն առթիւ կոչ ուղղած է Ուքրանիոյ ընկերութեան, որպէսզի ապաշխարէ ու դարձի գայ, եւ ազատի զինք վնասող բազմաթիւ չարիքներէն, որոնք կ՛ականեն երկրի կենսունակութիւնը, մեծ վնասներ բերելով երիտասարդութեան։

Ապաշխարել ու դարձի գալ կը նշանակէ հրաժարիլ մեղքէն։ Իմ այս կոչս ուղղուած է ոչ միայն հաւատացեալներուն` այլ երկրի բոլոր զաւակներուն կը գրէ իր պատգամին մէջ գերերջանիկ Սդանիզլաւ Շեվչուք եպիսկոպոսապետը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.